ՑՈԼԻՆԷ ՇԱՄԼԵԱՆ
16 Ապրիլին, Քեպեքի Ազգային ժողովի յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104ամեակի ոգեկոչման բանաձեւը: Յաջորդաբար խօսք առին երեսփոխան Քրիսթին Սեն-Փիեռ (Աքատիի շրջան, PLQ), Միջազգային յարաբերութիւններու եւ Ֆրանքոֆոնիի նախարար Նատին Ժիրօ (Պերթրան շրջանի երեսփոխան, CAQ), երեսփոխան Գաթրին Տորիոն (Թաշրոյի շրջան, Quebec Solidaire) եւ երեսփոխան Ժոէլ Արսընօ (Իլ-Տը-Լա Մատլենի շրջան, PQ): Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմական ակնարկ մը տալէ ետք, անոնք անդրադարձան ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կարեւորութեան եւ հայ համայնքին հաստատակամութեան: Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայ Դատի Քեպեքի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ եւ Քեպեք քաղաքի ու Մոնթրէալի գաղութներու անդամներ, որոնք հիւրերու վերապահուած պատշգամէն հետեւեցան ելոյթներուն: Անոնք առիթը ունեցան նաեւ առանձնապէս հանդիպելու Միջազգային յարաբերութիւններու եւ Ֆրանքոֆոնիի նախարար Նատին Ժիրոյի, երեսփոխաններ Քրիսթին Սեն-Փիեռի, Մարուա Ռըզքիի, Քրիսթոֆըր Սքիթի եւ Կի Ուէլեթի հետ:
Նշենք, որ Հայ Դատի Քեպեքի յանձնախումբին ջանքերով 1980էն ի վեր Քեպեքի Ազգային Ժողովը ճանչցած է եւ կ՛ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, իսկ 2003ին որդեգրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր յատկացնելու մասին օրէնքը: