ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պըրպենքի շրջանի «Աղբալեան» կոմիտէութեան խումբ մը անդամներ 22 Ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ այցելեցին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնը:
Արթին Սուքիասեան, Փաթրիկ Փարեջեան եւ Արաբօ Գրիգորեան, որոնք Արցախի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի կողմէ ստեղծուած յանձնախումբի անդամ են, «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ հանդիպեցան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Դադայեանի հետ:
«Աղբալեան»ի անդամները մտադիր են առաջին ծրագիրը իրականացնել Մարտակերտի շրջանի Նոր Կիլիկիա գիւղին մէջ: