– Թուրքիոյ վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ երկրին մէջ 15-24 տարեկաններուն մօտաւորապէս 25 տոկոսը անուս է եւ չ՛աշխատիր։ Տարիքային այդ խումբի անդամներուն թիւը կը հասնի 12.7 միլիոնի։
– Ատրպէյճանի պետական վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին 4 ամիսներուն, Ատրպէյճան այցելած են 610,800 զբօսաշրջիկներ՝ 157 երկիրներէ, ինչ որ մօտաւորապէս 3 տոկոսով նուազ է քան 2018ի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը: Զբօսաշրջիկներուն 28 տոկոսը Վրաստանէն է, 27.4 տոկոսը՝ Ռուսիայէն, իսկ 11.3 տոկոսը՝ Թուրքիայէն։
– Էվերեսթ լերան բարձրութիւնը 1.5 մեթրով կրճատուած է, 2015ին Նեփալի մէջ պատահած երկրաշարժին պատճառով։