ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նշուող Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան՝ Զատիկի տօնին առիթով հայկական եկեղեցիներ ծաղիկներ ուղարկեց:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան (CHP) հայ ներկայացուցիչ Սելինա Տողան, ի պատասխան այդ քայլին՝ այցելեց քաղաքապետարան:
Ըստ «Էրմենիհապեր»ի՝ Տողան, որ Պոլսոյ հայաշատ Շիշլի շրջանի ղեկավար խորհուրդին անդամ է, այցելութեան մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։
«Զատիկի մեր ուրախութիւնը կիսեցինք Պոլսոյ քաղաքապետ պարոն Էքրեմ Իմամօղլուի հետ:
Տօնին առիթով մեր եկեղեցիներուն՝ անոր կողմէ ուղարկուած նուրբ ծաղիկներուն համար շնորհակալութիւն յայտնեցինք մեր մայրիկներու պատրաստած գաթաներով եւ մեր երեխաներու ներկած հաւկիթներով», գրած է Սելինա Տողան: