ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութեան անդամները Հինգշաբթի, 2 Մայիսին, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց իրականացուցին‘ եկամտային հարկի համահարթեցման առաջարկին դէմ եւ բաց նամակ յղեցին Ազգային ժողովի Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած պատգամաւորներուն:
Նամակին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը «Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին եւ յարակից նախագիծերու փաթեթով կ՛առաջարկէ հարկային օրէնսգիրքին մէջ կատարել փոփոխութիւններ, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի եկամտային հարկի համահարթեցման: Կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ 1 Սեպտեմբեր 2019էն սկսեալ եկամտային հարկը բոլորին համար սահմանել 23 տոկոս, այնուհետեւ նուազեցնել 2023ին հասնելով 20 տոկոսի:
«Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմ-բակցութիւններու պատգամաւորներուն կոչ կ՛ընէ՝ դէմ չերթալու հասարակութեան մեծամասնութեան շահերուն եւ կողմ չարտայայտուելու նեղ խումբին շահերը սպասարկող օրինագիծին:
«Իմ Քայլը» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորներուն նախաձեռնութիւնը կոչ կ՛ընէ՝ հետամուտ ըլլալ նախագիծը ետ կանչելու եւ նոր, հասարակութեան լայն շերտերուն շահերը պաշտպանող նախագիծ ներկայացնելու:
«Բոլոր այն պատգամաւորներուն, որոնք չեն կրնար պատկերացնել նախագիծին ուղղակի ազդեցութիւնը ցած եկամուտ ունեցող եւ հասարակութեան 65 տոկոսը կազմող մարդոց կեանքին վրայ, կոչ կ՛ընենք այսօր տուն երթալ երթուղայիններով, մեծ հանրախանութներու փոխարէն առեւտուր ընել փոքր խանութներէն եւ ուշադրութիւն դարձնել խանութի այլ յաճախորդներուն եւս, պարզապէս շրջիլ Երեւանի արուարձանները կամ Հայաստանի մարզերը», նշուած է նամակին մէջ: