Նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Սան Ֆրանսիսքոյի Համագաղութային ոգեկոչական յանձնախումբին, 104րդ ամեակի ոգեկոչական յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, հայկական «Mount Davidson» բլուրի խաչ-յուշարձանին շուրջ, ներկայութեամբ շուրջ 300 հայերու եւ օտարներու, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, 1915ին սկսած թրքական ջարդերուն ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակ հայերու հոգիներուն:
Հանդիսութեան ներկայ էին շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, Տաթեւ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան, Յովել քհնյ. Օհանեան, Մեսրոպ քհնյ. Աշ եւ պատուելի Գալվին Սաղրեան, ինչպէս նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Լանտըն Պրիտ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նորմըն Եի, շրջանի մէջ գործող հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ ու այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Բարի գալուստի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց եւ յայտագիրը ձեռնհասօրէն վարեց Ցեղասպանութեան յանձնախումբի անդամներէն իրաւաբան Ալեքս Հրակ Պասթեան։
«Իբրեւ այս գաղութի անդամներէն մէկը՝ կ՛ուզեմ սրտիս խօսքը ըսել այս հանդիսաւոր պահուն: Այսօր տխուր օր է մեզի համար. մենք կը յիշենք 1.5 միլիոն նահատակները, կը յիշենք ինչպէս մեզ փորձեցին ոչնչացնել, որքան փորձեցին մեզ կոտրտել եւ փշրել, բայց ես այսօր ընդհանրապէս ուրիշ զգացում ունիմ։ Ես հպարտ եմ՝ իբրեւ հա՛յ, եւ մենք բոլորս այսօր հպարտ պէտք է զգանք իբրեւ հա՛յ: Որովհետեւ որքան ալ փորձեցին մեր ազգը ոչնչացնել, փաստօրէն մենք տակաւին հոս ենք: Բայց դեռ շատ գործ ունինք ընելու։ Մեզ փորձեցին թաղել, բայց չգիտցան, որ մենք սերմերն ենք, եւ այդ սերմերը դարձան գաղութներ աշխարհին չորս կողմը», ըսաւ Պասթեան:
Նախ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէ՛ք, ձեռամբ շրջանիս մէջ գործող վերոյիշեալ հոգեւոր հայրերու կատարմամբ:
Ապա կատարուեցաւ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակներու արարողութիւնը եւ զետեղումը շրջանիս ՀՄԸՄի արի-արենուշներու կողմէ, ամերիկեան ու հայկական քայլերգներուն երաժշտութեանց ընկերակցութեամբ։
Յաջորդաբար տեղի ունեցան ծաղկեպսակներու ու ծաղիկներու զետեղման արարողութիւնը, շրջանիս մէջ գործող հետեւեալ կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն ներկայացուցիչներու կողմէ՝ ԳԶՎ Ազգային վարժարան, ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէ, ՀԵԴ, Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղ, Հայ եկեղեցական երիտասարդաց կազմակերպութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան «Ակնունի», «Էրեբունի» եւ «Կարին» մասնաճիւղեր, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ-ամերիկեան կազմակերպութեան խորհուրդ, շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղեր եւ Հայ Որբերու Օգնութեան ընկերակցութիւն:
Երիտասարդական մարմիններուն կողմէ ազգային ոգեշունչ պատգամներով ելոյթ ունեցան՝ Նաթալին Հինտոյեան, Արման Վարդանեան եւ Շանթ Քիլիճեան: Քիլիճեան իր խօսքին աւարտին ըսաւ. «Դիւրին չէ հայ ըլլալը, ապրելու ոչ միայն քու կեանքը այլ նաեւ ապրելու, յարգելու նախահայրերուդ յիշատակը ու արդարութեան բերելու անոնց: Այսօր, ես կ՛առաջարկեմ ձեզի վերահաստատել ձեր ազգային պարտականութիւնը, վերահաստատելո՛ւ ձեր հայկական ինքնութիւնը պահելու խոստումը՝ տարուան իւրաքանչիւր օրը, կամաւորաբար օգտակար դառնալու, ուր որ կարելի է, օգնելու մեր դպրոցներուն։ Եղէք լաւագոյն ներկայացուցիչները հայկական արժէքներուն։ Ինչ որ ալ ընէք, փոխանցեցէք ազգին ջահը սերունդէ սերունդ, մի՛ մարէք կրակը առանց փոխանցելու յաջորդ սերունդին»:
Ապա, հայկական ժողովրդական յուզիչ երաժշտութեամբ ու խոր ապրումով կատարուեցաւ «Ատանայի Կոտորածը»ը, սրտառուչ երաժշտութեամբ ու սրինգի ընկերակցութեամբ՝ Պըրքլիի համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան «Արձագանգ» երգչախումբին, արժանանալով ջերմ ու բուռն ծափահարութիւններու:
Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Լանտըն Պրիտ ոչ միայն իր ներկայութեամբ պատուեց յիշատակը մեր բիւրաւոր նահատակներուն, այլ նաեւ տալով իր սրտի խօսքը։ Ան ըսաւ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է հոս ըլլալ, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յարգելու համար: Ցաւօք, տակաւին կան շատեր, որոնք կը տառապին իրենց կրօնական համոզումներուն եւ տարբերութիւններուն պատճառով: Այս երեկոյ, բոլորին հետ միասին, ես ալ կը կանգնիմ այս Խաչին առջեւ՝ քանի որ մենք ալ կը յիշենք 104 տարի առաջ տեղի ունեցած այս ողբերգութիւնը: Մենք կը միանանք աշխարհի հայ համայնքներուն, յարգելու հայ զոհերուն յիշատակը: Մենք տակաւին շատ ընելիք ունինք քաղաքական աշխարհին մէջ: Ես իմ գնահատանքը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք հոս են այսօր։ Մենք կը միանանք վերահսկիչներու խորհուրդի նախագահ Նորմըն Եիին, գոհունակութիւն կը յայտնենք Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայ ամերիկեան կազմակերպութիւններուն խորհուրդին, այս սգահանդէսներուն իր աջակցութեան համար: Կը խնդրենք աղօթել մեր համայնքներուն համար»:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, որ հարազատօրէն ներկայացուց հայ ժողովուրդի սրտառուչ պատմութիւնը՝ սկսեալ ջարդերէն մինչեւ այս օրերու պատահարները: Ան նախ իր սրտի խօսքը արտայայտեց հայերէնով։ «Յիշենք ու պահանջենք: Չմոռնանք ու չներենք: Ես ձեր ձայնն եմ: Ես ձայնն եմ Սփիւռքի՝ Ցեղասպանութեան զարհուրելի ճամբաներից անցած, Աղէտը վերապրած, աշխարհացրիւ, բայց այսօր, ամուր ու հաստատ օտար հողերու վրայ վերընձիւղած՝ իր ազգային կառոյցներով, կազմակերպութիւններով, իրաւունքներով, իր ապրած երկրում բերած նշանակալից ներդրումով: Ես ձայնն եմ Սփիւռքի եւ այսօր այս խորհրդաւոր հարթակից գոչում եմ իմ հայրենիքի՝ Պատմական Հայաստանի տէր դարձած, իմ նախնիների բնաջնջման սեւ ոճիրը նիւթած եւ անպատիժ մնացած թուրքին, որ ձախողել է, որ մենք կանք, որ պիտի կռուենք, աւելի վճռական քան երբեք, ծնկի բերելու ուրացողին, տէր դառնալու մեր իրաւունքներին, մեզնից խլուած մեր հայրենիքին: Ես հաւատում եմ: Ես հաւատում եմ մեր Դատի արդար լուծմանը: Հաւատո՞ւմ էք դուք», ըսաւ ան։
Բանախօսը ապա իր խօսքը շարունակեց անգլերէնով եւ ըսաւ. «Վերապրած ենք Ցեղասպանութիւնը, բայց աղէտը բոյն դրած է մեր հոգիներուն մէջ. մեր ծնողքներէն մեզի փոխանցուած է ցաւը, եւ վէրքը չի գոցուիր, որովհետեւ արդարութիւնը չէ հատուցուած: Ցաւը չի ամոքուիր, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ մենք անոր ուրացման փուլը կ՛ապրինք: Ցեղասպանութեան տարիներուն յստակ էր, որ նպատակը ամբողջ ազգի մը բնաջնջումն էր: Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ 24 Մայիս 1915ի յուշագիրը Օսմանեան կառավարութիւնը պատասխանատու կը սեպեր «մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ կատարուած ոճիրին»: Ցեղասպան եւ անպատիժ մնացած թուրքը կ՛ուրանայ ոճիրը եւ նպատակին հասնելու համար քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական միջոցներով կը կաշառէ պետութիւններ, անհատ դիւանագէտներ, պատմագէտներ եւ հաստատութիւններ: Այսուհանդերձ, 29 երկիրներ եւ Ամերիկայի 49 նահանգներ եւ մեծ թիւով համաշխարհային կազմակերպութիւններ ճանչցած եւ դատապարտած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս բոլորը կատարուած են հայ քաղաքական ուժին յարատեւ աշխատանքով»։ Այդուհետեւ Փիրումեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան՝ անտարբեր չմնալու, լծուելու Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ սատարելու պահանջատիրութեան մեր պայքարին:
Ապա, յարգելի բանախօսը իր պատգամը աւարտեց հայերէնով՝ նշելով. «Այսօ՛ր, այս խորհրդաւոր ոգեկոչմանը, ձեզ ուղղուած, մանաւանդ այս համայնքի երիտասարդութեան ուղղուած պատգամս թող լինի այս տեսլականը, ապագայի այն ձեռքբերումը, որ կարող է անիրականանալի թուալ այսօր, բայց դարձնենք կարելի՝ հային վայել վճռականութեամբ ու անկոտրուն յարատեւութեամբ: Ուրեմն՝ Թուրքիայի կողմից Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ վնասից հատուցում: Իսկ դա հնարաւոր է քաղաքական շեշտուածութեամբ ազգային դաստիարակութեան վերընձիւղման ճամբով եւ Սփիւռք-հայրենիք միասնական քայլերով, ազգային գաղափարախօսութեան բիւրեղացման եւ լիակատար որդեգրումով, որով հայոց պահանջատիրութիւնը կը դառնայ առանցքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան՝ միշտ Սփիւռքը ունենալով իբրեւ նեցուկ, իբր հիմք եւ յենարան»:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում՝ Խաչին ստորոտը, ժողովուրդին կողմէ, զոր յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւնը՝ 1.5 միլիոն նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, ներկայ հոգեւոր հայրերուն կողմէ: