ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան Երեքշաբթի, 7 Մայիսին, աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցաւ մարզպետներու մասնակցութեամբ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մարզային եւ համայնքային վերաբերող այժմէական հարցեր:
Ըստ Սուրէն Պապիկեանի՝ համայնքներու սեփական եկամուտներու հաւաքագրման ընթացքի վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ 2019ի առաջին չորս ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ եկամուտներու հաւաքագրումը աճած է շուրջ 2 միլիառ դրամով կամ 2.5 տոկոսով: