– Մամլոյ ազատութեան միջազգային օրուան առիթով, հեղինակաւոր զանազան կազմակերպութիւններ դատապարտեցին Թուրքիոյ մէջ շարունակուող ազատ մամուլին վրայ ճնշումները, որոնք երկիրը «մասամբ ազատ» երկիրներու ցանկէն տեղափոխած են «անազատ» երկիրներու ցանկը։ «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան տեղեկագիրին համաձայն՝ Թուրքիա 180 երկիրներու մէջ 157րդ դիրքը կը գրաւէ, 4 դիրքերով նահանջելէ ետք։ Նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս կան 139էն 162 բանտարկուած լրագրողներ։
– «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ վերջին ընտրութիւններէն ետք, երբ Անգարայի, Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ քաղաքապետական իշխանութիւնը անցաւ ընդդիմադիրներուն ձեռքը, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնները կը փորձեն այլ միջոցներով «վերադարձնել» այդ քաղաքները։ Նախագահ Էրտողան, իբրեւ առաջին քայլ որոշած է սահմանափակել քաղաքապետարաններու իրաւասութիւնները եւ լիազօրութիւնները՝ պահանջելով, որ քաղաքապետներու որոշումները այսուհետեւ պէտք է հաստատուին նախարարութիւններու կողմէ։