ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, 16 Մայիսին, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայաստանի մարզային կառոյցներուն եւ կոմիտէներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կազմակերպական հարցեր, անդրադարձ եղաւ օրուան քաղաքական հարցերուն եւ գոյութիւն ունեցող հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն:
ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի Գերագոյն ժողովի որոշումներու, մշակած ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան լոյսին տակ՝ սահմանուեցան ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի յառաջիկայ ընելիքները: