ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- 20էն 24 Մայիս, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զանազան ստորաբաժանումներ մարտական պատրաստութեան ծրագիրի համաձայն՝ մարտական կրակով լայնածաւալ մարտավարական զօրավարժութիւններ պիտի կատարեն:
Այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Յայտարարուած է նաեւ, որ զօրավարժութեան պիտի մասնակցին շուրջ 10 հազար զինուորներ, 150 հրասայլեր եւ այլ զրահամեքենաներ, մինչեւ 200 հրթիռահրետանային կայաններ, ականանետեր եւ մինչեւ 35 ինքնաթիռներ եւ ուղղաթիռներ:
Զօրավարժութեան յայտարարուած նպատակն է գիշերային ժամերուն պայմանական «թշնամիի» յարձակման զանազան ուղղութիւններով հակահարուածներու եւ հակայարձակումներու խաղարկում: Յատկանշական է, որ Ապրիլին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով զօրավարժութիւններու մասին, առանձնայատուկ դեր վերապահած էր գիշերային վարժութիւններուն:
Նշենք, որ այս ծաւալի զօրավարժութիւններ Ատրպէյճանի մէջ կը կատարուին ամէն տարի: Անցեալ տարի ամրան՝ 2էն 6 Յուլիս, նոյնպէս ձեռնարկուած էին լայնածաւալ զօրավարժութիւններ, որոնց ներգրաւուած էին շուրջ 20,000 զինուոր, 120 հրասայլեր եւ այլ զրահամեքենաներ, 200 զանազան տրամաչափի հրթիռահրետանային կայաններ, համազարկային կրակի հակազդող համակարգեր եւ ականանետներ, մինչեւ 30 ուղղաթիռներ եւ ռազմական օդանաւեր։