ՊԵՐԼԻՆ.- «Հայերու Երկրին Մէջէն» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացման արարողութեամբ 18 Մայիս 18ին, Պերլինի Քարլսհորստթ շրջանի մշակոյթի տան սրահին մէջ մեկնարկեց Պերլինի «Գերմանա-հայկական մշակութային օրեր»ը, որ աւանդաբար կը կազմակերպուի «Հայ եւ եւրոպացի մասնագէտներու ընկերակցութիւն» (ՀԵՄԱ) հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:
Ըստ «Հայերն Այսօր»ի՝ բացման արարողութեան ներկայ էին Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեան, Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան, Գերմանիոյ Հայոց թեմի հոգեւոր հովիւ Եղիշէ վրդ. Աւետիսեան, Պերլինի եկեղեցական եւ մշակութային հայ համայնքի ատենապետուհի Սոնա Այպեր, Պերլինի Լիխտենպերկ շրջանի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Քատրին Ֆրամքէ, Գերմանիոյ Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր, փրոֆ. դոկտ. Մարթին Պեթցոլտ եւ այլ հիւրեր:
Պերլինի «Գերմանա-հայկական մշակութային օրեր»ը տեղի կ՛ունենան Պերլինի Լիխտենպերկ շրջանի Պիւրկերմայսթեր Միխայիլ Կրունսթի եւ Պունտեսթակի նախկին պատգամաւոր (2012-17) փրոֆ. դոկտ. Մարթին Պեթցոլտի հովանաւորութեամբ:
Ձեռնարին գունաւոր լուսանկարներ տրամադրելով աջակցած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը՝ համագործակցելով Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ: Ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցած է նաեւ Պերլինի Քարլսհորստթ շրջանի մշակոյթի տունը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Քաթրին Ֆրամքէ, որ յայտնեց, թէ ամէն անգամ, երբ Հայաստանի մասին խօսուի կը յիշէ վաղամեռիկ Ալինա Պեթցոլտ-Մարտիրոսեանը, որ իր կատարած աշխատանքներով զգալիօրէն հարստացուցած է Պերլինի Լիխթենպերկ շրջանի մշակութային կեանքը եւ իր հայկական հետքը ձգած այնտեղ: Փրոֆ. դոկտ. Մարթին Պեթցոլդ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն։
Ներկաները ողջունեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան՝ գերմանացի բարեկամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով հինգ տարի շարունակ մշակութային օրերու կազմակերպման նպատակով, նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերենլուն համար։ Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Յարութիւն Գրիգորեան եւ արուեստաբան, արուեստագիտութեան թեկնածու, լրագրող Գայեանէ Առաքելեան:
Ցուցահանդէսի գեղարուեստական հատուածին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան դաշնակահարուհի Կարինէ Գիլանեան եւ ջութակահարուհի Լիլիթ Ռոստոմեան: