ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Բարձրավոլտ Էլեկտրացանցեր» (ԲԷՑ) ընկերութեան մէջ տարիներ շարունակ գործած է կազմակերպուած կաշառակերութեան դրութիւնը: Այս մասին յայտնեց Գլխաւոր դատախազութիւնը՝ նշելով, որ ուսումնասիրուած են Հայաստանի իրաւասու մարմիններու ուշադրութեան արժանացած «Բարձրավոլտ Էլեկտրացանցեր» ընկերութեան մէջ արձանագրուած խախտումներու եւ չարաշահումներու դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործերը:
Դատախազութիւնը նշեց, որ մասնաւորապէս քննուող քրէական գործերու նիւթերու համադրուած վերլուծութենէն յստակ կը դառնայ, որ ԲԷՑի պաշտօնատար անձեր, կապալային աշխատանքներու կատարման վերաբերեալ կնքուած պայմանագիրներով նախատեսուած գումարները յափշտակելու դիտաւորութեամբ՝ չիրականացուած աշխատանքներու ծաւալներու յաւելագրումներ կատարած են: Իսկ ընկերութեան աշխատակիցներու կողմէ կազմուած եւ ստորագրուած են աշխատանքները ամբողջութեամբ իրականացուած ըլլալու վերաբերեալ կատարողական կեղծ փաստաթուղթեր: Այս ձեւով յափշտակուած են առանձնապէս հսկայական գումարներ:
«Պարզուել է նաեւ, որ ՓԲԸի պատասխանատու պաշտօնատար անձինք, պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով, իւրացման եղանակով յափշտակել են իրենց վստահուած՝ ՓԲԸին պատկանող առանձնապէս խոշոր չափի նիւթական եւ ֆինանսական միջոցները, իսկ ՓԲԸ ծառայողների կողմից գնումների կազմակերպման եւ անցկացման գործընթացում շահագրգռուածութիւն ցուցաբերելու արդիւնքում պայմանագրային աշխատանքների կատարման գործընթացում կատարուել է ուրիշի գոյքի առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւն», կ՛ըսուի դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ուսումնասիրութեան ընթացքին պարզուած է, որ նշուած քրէական գործերով նախնական հաշիւներով՝ պատճառուած վնասը շուրջ 1 միլիառ 109 միլիոն դրամ է: