ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՌԿԱ».- Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսային ծառայութիւնը մեծաքանակ թմրամիջոցի ներածման դէպք մը բացայայտեց:
«Պետական եկամուտների կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան Սիւնիքի տարածաշրջանային բաժնի Մեղրիի բաժանմունքի աշխատակիցները, Հարաւային մաքսատուն-վարչութեան Մեղրիի բաժանմունքի աշխատակիցների մասնակցութեամբ, մաքսային հսկողութեան են ենթարկել Իրանից Հայաստան ժամանած ԻԻՀ քաղաքացիներ Է.Ֆ.ի եւ Ֆ.Ֆ.ի ուղեբեռները», կը նշուի այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Մեղրիի մաքսային կէտին կողմէ իրականացած հսկողութեան շնորհիւ՝ Է.Ֆ.ին պատկանող ճամպրուկին մէկ հատուածին մէջ յայտնաբերուած է սեւ գոյնի ինքնակպչուն ժապաւէնով ծրարուած 3 քիլոկրամ ընդհանուր ծանրութեամբ «մեթամֆեթամին» տեսակի թմրանիւթի նմանող պինդ մոխրագոյն զանգուած: