ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատուիրակութիւն մը, միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի գլխաւորութեամբ այցելեց Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:
Պատուիրակութիւնը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուց իր ծրագիրը եւ Արցախի մէջ ՀԲԸՄի կեդրոնի հիմննելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները: