ԱՐԵՆՈՅՇ
25-26 Մայիսի շաբաթավերջին, Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերու մրցումները տեղի չունեցան, առ ի յարգանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նահատակաց Օրուան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 101ամեակին ուրախ առիթով: Սակայն երկօրեայ այս դադարէն ետք, Յունիսի առաջին շաբաթավերջին անոնք մեծ ոգեւորութեամբ շարունակուեցան, մրցող խումբերու առաւել վճռակամութեամբ, կարգապահութեամբ եւ հեզասահ ընթաքով:
Շաբաթ, 1 Յունիս 2019, առաւօտեան ժամը 8:45ին, Նաւասարդեան մարզախաղերը վերսկսան ՀՄԸՄի Արարատ մասնաճիւղի Կապոյտ մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄի Արարատ(3) ընդդէմ Շանթ(1) մասնաճիւղերու մանչերու 12 տարեկան մեծերու դասակարգի (Upper 12 – U12) մրցումներով, իսկ Կիրակի, 2 Յունիսին, անոնք սկիզբ առին առաւօտեան ժամը 8ին, Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի Հին մարզադաշտին վրայ, իրար դէմ հանելով նոյն դասակարգի ՀՄԸՄ Շանթ եւ Արարատ մասնաճիւղերու աղջիկներու խումբերը:
ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակէն ուրախութեամբ կը հաղորդեն, թէ այս տարի, շրջանի մասնաճիւղերէն անկախ, Նաւասարդեան մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ ՀՄԸՄի Գանատայի շրջանի Վանգուվըրի մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄի Արժանթինի շրջանի մանչերու ֆութպոլի եւ աղջիկներու վոլիպոլի խումբերը:
Այսպիսով Նաւասարդեանի Ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցող խումբերու թիւը կը հասնի 40ի, իսկ վոլիպոլի խումբերունը՝ 24ի: Ֆութպոլի զտումի մրցումները կը նախատեսուին սկսիլ Շաբաթ, 15 Յունիսի ամբողջ օրը, իսկ Վոլիպոլինը՝ յաջորդ Շաբաթ օր, 22 Յունիս 2019ին:
Մինչ մարզասէր հոծ բազմութեան մը քաջալերական ներկայութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ կ՛ընթանան մատնանշուած մրցումները, միւս կողմէ Նաւասարդեան յանձնախումբերու մէջ գործող կամաւոր ՀՄԸՄականները, նոյնիսկ իրենց շաբաթավերջի հանգիստը զոհելով, լրջութեամբ կը նախապատրաստուին Նաւասարդեան Մարզախաղերու առիթով կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկներուն:
Տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սօսի Էշկիեաններու Պատուոյ նախագահութիւնը վայելող ՀՄԸՄի 44րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակները համաժողովրդային մակարդակով տօնախմբելու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի երիտասարդութեան նուաճումներուն շրջանի հայութիւնը եւս մասնակից դարձնելու համար, մարզական մրցումներէն անկախ կը կազմակերպուին հրապարակային զանազան ձեռնարկներ: Այս ձեռնարկներու գլխաւորներէն մէկն է Յաղթանակի պարահանդէսը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 30 Յունիս 2019ի երեկոյեան ժամը 7ին, Beverly Hilton պանդոկի շքեղ սրահին մէջ: Իւրայատուկ այս ձեռնարկին ընթացքին է, որ պատուոյ նախագահութեան եռագոյն եռիզի փոխանակումը պիտի կատարուի, ինչպէս նաեւ պիտի պարգեւատրուի տարուան Տիպար ՀՄԸՄականը:
Նաւասարդեան Մարզախաղերու եզրափակիչ շաբաթուան ընթացքին, ըստ աւանդութեան Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի շրջափակէն ներս պիտի կազմակերպուի Նաւասարդեան Փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շրջանի ծանօթ արուեստագէտները, իսկ համադամ ճաշերու պատրաստութիւնն ու սպասարկումը վստահուած է շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն: Փառատօնի շրջափակէն ներս իրենց իւրայատուկ անկիւնը պիտի ունենան նաեւ մեր սիրելի փոքրիկները, քոյր կազմակերպութիւններն ու ծանօթ առեւտրական կեդրոնները:
Այս տարի փառատօնի բացումը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2019ի երեկոյեան գաղութիս սիրուած երգիչ, ազգային-յեղափոխական երգերու անզուգական մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի մասնակցութեամբ եւ հրավառութեամբ: Փառատօնը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 6 Յուլիսի կէս գիշեր:
Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ շարունակուող պասքեթպոլի մրցումներուն առընթեր, տեղի պիտի ունենան նաեւ թենիսի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մրցումները, ինչպէս նաեւ պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ վոլիպոլի ախոյեանութեան մրցումները:
Ժամանակի անբաւարարութեան հետեւանքով, պասքեթպոլի մանչերու եւ աղջկանց ախոյեանութեանց մրցումները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան, Նաւասարդեանի փակման հանդիսութենէն ետք, Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի պասքեթպոլի գլխաւոր մարզադաշտին վրայ:
«Լուրջ աշխատանք կը տարուի Նաւասարդեան մարզախաղերու ախոյեանութեան բոլոր մրցումները կատարել Պըրմինկհամի շրջափակին մէջ, որպէսզի Նաւասարդեան աշխատանքները կեդրոնանան մէկ վայրի մէջ եւ ՀՄԸՄը քաջալերող հայութիւնը կարելիութիւնը ունենայ հպարտանքը ապրելու եւ ըմբոշխնելու Նաւասարդեան ոգին, մրցումները, Փառատօնն ու Փակման հանդիսութիւնը: Մեծ պատասխանատուութիւն ակնկալող այս նախաձեռնութիւնները կը կազմակերպուին, որպէսզի հեռաւոր այս ափերուն վրայ ապրող հայութիւնը վերապրի հայոց պատմութեան մեր փառահեղ անցեալը, մանաւանդ հայոց հին Նոր Տարին՝ Նաւասարդը եւ լաւատեսութեամբ լեցուի ապագայի նկատմամբ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ շրջանի հայութիւնը այս տարի եւս իր քաջալերական մասնակցութիւնը բերէ Նաւասարդեան բոլոր աշխատանքներուն, որպէսզի ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութիւնը ոգեւորուի եւ առաւել կառչած մնայ ՀՄԸՄին եւ իր ազատ ժամերը անցնէ այս մեծ կազմակերպութեան ստեղծած առողջ միջավայրին մէջ», բացատրեց Շրջանային Վարչութեան Նաւասարդեանի պատասխանատու եւ փոխ-ատենապետ Սեւակ Կարապետեան:
Նաւասարդեան Մարզախաղերու փակման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 6 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6ին, նոյն Վարժարանի ֆութպոլի մարադաշտին վրայ: Անհամբերութեամբ սպասուող այս հանդիսութեան ընթացքին պիտի տողանցեն շրջանի ՀՄԸՄի 17 մասնաճիւղերու եւ երկու միաւորներու շարքերը, մեծ հրճուանք պատճառելով ներկայ բիւրաւոր հանդիսատեսներուն: Աւելին, ամիսներու պայքարի արդիւնք հանդիսացող յաղթանակի բաժակները պիտի յանձնուին տողանցող յաղթական խումբերուն: Փակման շքեղ հանդիսութենէն ետք, Նաւասարդեան խրախճանքը պիտի շարունակուի Փառատօնի շրջափակէն ներս:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 44րդ Մարզախաղերը պիտի շարունակուին ամէն շաբաթավերջ: Մարզադաշտերու չգոյութեան եւ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն մեծաթիւ մասնակից խումբեր ունենալու հետեւանքով, կարելիութիւնը կրնայ ստեղծուիլ մրցումներու ժամանակացոյցերու եւ վայրերու փոփոխութիւններ, որոնց մասին տեղեկանալու համար կարելի է հետեւիլ «Ասպարէզ» օրաթերթի մէջ լոյս տեսող հրապարակումներուն, ՀՄԸՄի դիմատետրին, HTV հեռատեսիլի ծրագրին, ինչպէս նաեւ դիմել ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակ՝ հեռաձայնելով (323) 344-4300 թիւին կամ դիմելով info.wusa@homenetmen.org հասցէին: