ՍԹԱՒԱՆԿԵՐ, Նորվեկիա.- Ճատրակի աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն մէկը նկատուող Նորվեկիոյ միջազգային մրցաշարքի վեցերորդ հանգրուանին, Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի Ուեսի Սոյի դէմ, երկրորդ դիրքին բարձրանալով (7.5 կէտ)։
Ճատրակի գերվարպետ Արոնեան հինգերորդ եւ չորրորդ հանգրուանի մրցումներուն հաւասարութիւններ արձանագրած էր յաջորդաբար՝ չինացի գերվարպետ Տինկ Լիրենի եւ ֆրանսացի գերվարպետ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ:
Աշխարհի լաւագոյն ճատրակի 10 վարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցող մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Յունիս։
Ցարդ առաջատար կը մնայ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսեն: