10 Յունիսին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club»ի ուսանողներու պատուիրակութիւնը այցելեց Արցախի պետական համալսարանը (ԱրՊՀ) եւ հանդիպում ունեցաւ համալսարանի ուսանողութեան հետ:
Պատուիրակութեան ղեկավար Ռազմիկ Գաբրիէլեան, որ կը համակարգէ Հայկազեան համալսարանի ուսանողներու հետ տարուող աշխատանքները, նշեց, որ իրենց այցելութիւնը 2018ի ԱրՊՀի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան յուշագիրի ծիրին մէջ իրականացուած է, որուն մեծ սիրով եւ խանդավառութեամբ միացած են համալսարանին ուսանողները:
«Արցախը մեծ նշանակութիւն ունի մեր կեանքին մէջ, եւ լիբանանահայ գաղութը ուղղակի կապուած է Արցախի հետ, միշտ պատրաստ՝ նեցուկ ըլլալու արցախցիներուն: Մեր այցելութեան նպատակն է Արցախի հետ հիմնել կամուրջներ բարեկամութեան, որուն ծիրին մէջ Հայկազեան համալսարանին կողմէ այս անգամ 1000 գիրքեր նուիրեցինք ԱրՊՀին», յայտնեց Գաբրիէլեան:
Հայկազեան համալսարանի «Heritage Club»ի նախագահ Քրիս Բրուտեան ըսաւ, որ ինք երկրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի Արցախ եւ կարեւոր կը համարէ արցախցի ուսանողներու հետ գործակցային յարաբերութիւններու ստեղծումը:
«Այսպիսի շփումները կարեւոր են ուսանողներու համար՝ համազգային հարցերու շուրջ տեսակէտներու ու կարծիքներու փոխանակման առումով, որովհետեւ մենք բոլորս մէկ մշակոյթի եւ մէկ ինքնութեան տէր ենք: Արցախը ինծի համար սուրբ հող է. այստեղ մենք նոր ուժ ու ոգեւորութիւն կը ստանանք», աւելցուցած է ան:
Հանդիպման ընթացքին երկու համալսարաններու ուսանողները քննարկեցին ուսումնական գործընթացին, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան հարցերուն, Արցախեան հիմնահարցին, Լիբանանի հայկական համայնքի գործունէութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: