ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ 19 Մայիսին, կէսօրէն ետք ժամը 1էն սկսեալ, «Կարապետեան» սրահին մէջ։
Հանդիսութեան ներկայ էին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլիան, Հոգաբարձութեան եւ Եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան անդամներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Հանդէսը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, իսկ բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տեսուչ Րաֆֆի Թորոսեան։
Իր խօսքին մէջ, Թորոսեան նշեց, որ աշխարհը այսօր կարծես այլեւս տարբերութիւն չի դներ չարին եւ բարիին միջեւ կամ ճշմարտութեան եւ սուտին միջեւ, իբրեւ հետեւանք՝ սկսած է փոխուելու մարդուն ամբողջ արժէքային համակարգը։ Այն, ինչը ժամանակին մարդիկ ամօթ կը համարէին, ինչպէս՝ օտարազգիներու հետ ամուսնութիւնը եւ ընտանեկան բաժանումները, այժմ կը դառնայ նոյնիսկ հպարտութեան աղբիւր, որմէ կը վարակաուի շրջապատը՝ ստիպելով լողալ մեղքի յորձանուտին մէջ։ Ան նշեց նաեւ, որ հայ մնալը եւ երեխաներուն հայեցի դաստիարակութիւն աւանդելը յոյժ կարեւոր է մեր այժմու կեանքին մէջ, լուսարձակի տակ առնելով Կիրակնօրեայ դպրոցի կենսական դերակատարութիւնը՝ երեխային հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու ջանքերուն մէջ՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ծնողի մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է կարեւոր այս առաքելութեան մէջ։
Իր խօսքին աւարտին, տեսուչը քաջալերեց յարատեւել աղօթքի մէջ, կարդալ Աստուածաշունչը եւ խրախուսեց ծնողները, որ չզրկեն իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու օրհնաբեր հնարաւորութենէն։
Այնուհետեւ, ան հրաւիրեց հանդիսավարուհի Սիւզի Առաքելեանը, որ նոյնպէս խօսք արտասանեց՝ շեշտելով ապագայ սերունդին հայրենասիրական եւ քրիստոնէական գաղափարներով կրթելու կարեւորութիւնը։ Ան նաեւ յորդորեց անսասան մնալ աստուածանուիրման գործին մէջ, մինչեւ Աստծոյ գալուստը։
Գեղարուեստական յայտագիրը բացին մանկապարտէզի սաները՝ «Հաւատով Խոստովանիմ», «Փառք Տուր», «Մայրիկ Ջան», «Հայրերու Օր» եւ «Հայրը Սիւնն Է Ընտանիքի» ոտանաւորներու արտասանութեամբ։
Այնուհետեւ, Աննա Խաչատրեան դաշնամուրի վրայ կատարեց «Հոյ Նազան Եարս» ստեղծագործութիւնը։
Երրորդէն ութերորդ դասարանի աշակերտները արտասանեցին ոսկեղէն համարներ՝ Աստուածաշունչէն, ինչպէս նաեւ երգեցին՝ «Սուրբ Աստուած», «Փառք Աստծուն», «Բարի, Գեղեցիկ» եւ «Սինկ Հալելուիա» երգերը։
Առնօ Բաբաջանեանի «Մեղեդի» երաժշտութեան կատարման հմայքը դաշնամուրի վրայ հանդիսատեսին փոխանցեց Աշոտ Վարպետեան, որուն յաջորդեց «Սոնաթա ին Սի մէյճըր» (Sonata In C Major) երաժշտութեան կատարումը՝ դաշնամուրի վրայ, Մելանի Մերթխանեանի կատարողութեամբ։
Երաժշտական համարներուն յաջորդեց «Բարի Սամարացին» առակին ներկայացումը, որուն դերուսոյցն էր Նուարդ Մատինեան։
Սիլվա Կապուտիկեանի «Իմ Հայ Լեզուն» բանաստեղծութիւնը կատարեց Անդրանիկ Մինասեան։
Ապա, հայկական «Արցախ» պարի երաժշտութեան տակ իրենց պարով հանդէս եկան Կիրակնօրեայ դպրոցի մանուկները. պարուսոյցն էր Լուիզա Խաչատրեան։
Գէորգ եւ Վարդան Մկրտչեաններ հանդէս եկան երաժշտական համարներով՝ կատարելով «Արցախ», «Արդեօք Ովքեր են» եւ «Երկիր Նայիրի» ստեղծագործութիւնները։
Կիրակնօրեայ դպրոցը այս տարի ունէր 8րդ դասարանի երկու շրջանաւարտներ՝ Հելէն Արզումանեան եւ Աշոտ Վարպետեան, որոնք իրենց վկայականները ստացան առաջնորդ սրբազանին ստորագրութեամբ։
Հանդէսը եզրափակեց Վիգէն Ա. քհնյ .Վասիլիեան, որ նշեց, թէ որքան կարեւոր դեր ունի եկեղեցին եւ անոր կից գործող Կիրակնօրեայ դպրոցը, ոչ միայն հոգեւոր՝ այլ նաեւ ազգասիրական դաստիարակութեան մէջ։ Ան յորդորեց բոլոր ծնողները, որ քաջալերեն իրենց երեխաները՝ ապրելու հայեցի կեանքով եւ բարի օրինակ ծառայեն անոնց համար, հրաշալի որակելով Կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու հնարաւորութիւնը։
Կիրակնօրեայի ուսուցչական կազմը իր կողմէ նուէրներ պատրաստած էր բոլոր աշակերտներուն համար, իսկ տեսչութիւնը գնահատեց ուսուցիչներուն եւ օգնականներուն դերը՝ խորհրդանշական նուէրներով։
Հանդէսի փակումը «Պահպանիչ» աղօթքով կատարեց Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլիան։
(Թղթակցութիւնը՝
եկեղեցիէն)