ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԿԿի անդամ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴի անդամ Արմէն Սարգսեան 8 Յունիսին հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանի, «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախ մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Միրզոյեանի եւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ կառուցուած մարզադաշտի հովանաւոր Արա Մելքոնեանի ու անոր հարազատներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հետագայ գործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: