ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Զարեհ Սինանեան նշանակուեցաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար:
Վարչապետը Ուրբաթ, 14 Յունիսին ընդունեց Սինանեանը իր գրասենեակին մէջ:
«Ես որոշում եմ ստորագրել ձեզ Սփիւռքի հարցերի գլխաւոր յանձնակատար նշանակելու վերաբերեալ եւ ուրախ եմ, որ պէտք է աշխատանքի անցնէք Հայաստանում: Անցեալ տարի Հայաստանում տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուեցին, որ հսկայական փոփոխութիւններ են եղել ոչ միայն Հայաստանում, այլեւ Սփիւռքում: Միանշանակ կարող եմ ասել, որ Սփիւռքն անցեալ տարի լիարժէք, 100 տոկոսանոց մասնակիցն էր Հայաստանում տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան: Նաեւ իմ մի քանի այցերի արդիւնքում եկայ այն համոզման, որ մենք Սփիւռքի հետ վարուող քաղաքականութիւնը պէտք է փոխենք եւ այն դարձնենք աւելի արդիւնաւէտ, որի հիմնական նպատակադրումը պէտք է լինի Սփիւռքի առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանում, Հայաստանի տնտեսական կեանքում, Հայաստանի հանրային կեանքում, Հայաստանի քաղաքական կեանքում, Արցախում եւ ընդհանրապէս, մեր հայկական նոր օրակարգի ձեւաւորման եւ այդ օրակարգի իրագործման աշխատանքներում», ըսաւ վարչապետը:
«Իհարկէ ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ Սփիւռքում դուք անծանօթ մարդ չէք եւ կարծում եմ լաւ հնարաւորութիւն կայ, որ նոր ժամանակներում մեր առաջ դրուած նոր խնդիրները լուծենք» նշեց վարչապետը:
Զարեհ Սինանեան շնորհակալու-թիւն յայտնեց վարչապետին վս-տահութեան համար եւ ըսաւ. «Պարտաւորուած եմ զգում եւ մեծ պատիւ եմ համարում այս աշխատանքը ստանձնելը, նաեւ մեծ պարտականութիւն, քանի որ, ինչպէս դուք նշեցիք, մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Սփիւռքի յարաբերութիւնները հսկայական ներուժ ունեն: Մեր խաղաղ, թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութեան արդիւնքում բացուել են Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ իրական, իմաստալից, խորը համագործակցութեան դռները, որի արդիւնքները կարող են պարզապէս անբնութագրելիօրէն լաւ լինել ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի համար:
Սփիւռքը Հայաստանի համար ներկայանում է որպէս մի պատրաստի ներուժ, որը պէտք է օգտագործել պարզ, լաւագոյն իմաստով՝ ի շահ հայրենիքի: Հայաստանի Հանրապետութիւնն էլ ինչ-որ չափով Սփիւռքի յարատեւման, ուժեղացման երաշխաւորն է: Այնտեղ էլ շատ խնդիրներ կան եւ ես չեմ կասկածում, որ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է նեցուկ կանգնել իր հայրենակիցներին Սփիւռքում, ինչպէս որ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներն են պատրաստ աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեանը, Արցախին: Շնորհակալութիւն վստահութեան համար, անելու եմ ամէն ինչ, որպէսզի այդ վստահութիւնն արդարացնեմ»:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի յետագայ գործունէութեան վերաբերող հարցեր:
Սինանեանի նշանակումը շնորհաւորեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
«Յանձնախումբին կողմէ կ՛ուզեմ շնորհաւորել մեր սիրելի ընկեր Զարեհ Սինանեանը՝ Հայաստանի մէջ պաշտօն ստանձնելուն առթիւ: Այն օրերէն երբ մենք միասին կը ծառայէինք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Տնօրէններու խորհուրդին մէջ, այն օրերէն երբ մենք (Հայ Դատի շրջանակը) մեր կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկեցինք իր՝ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուելու պայքարը յաջող աւարտի հասցնելու համար, մինչեւ վերջերս տակաւին օրէնսդիրներու հետ Հայաստան կատարած մեր այցելութիւնը, մինչեւ այսօր մենք Զարեհին հետ ունինք ջերմ բարեկամական յարաբերութիւն: Սփիւռքը եւ հայրենիքը խորապէս ճանչցող Զարեհը իւրայատուկ եւ հիմնաւոր պատկերացումով պիտի վարէ իր գործը եւ մենք վստահ ենք, որ ան իր աշխատանքին միջոցաւ պիտի շարունակէ իր գիտութիւնը եւ կարողութիւնը ծառայեցնել Հայ Դատին: Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն եւ կը խոստանանք պահել իրեն հետ մեր սերտ գործակցութիւնը եւ աջակցիլ Սփիւռքի եւ հայրենիիք միջեւ կամուրջները ամրացնելու իր ծրագիրներուն, յայտնեց Նորա Յովսէփեան:
Զարեհ Սինանեան ծնած է Երեւան։ Կրթութիւնը ստացած է նախ Երեւանի, ապա Պըրպենք քաղաքին մէջ: 1997ին քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան Պսակաւոր աստիճան ստացած է UCLA-էն, այնուհետեւ աւարտած է USC-ի իրաւագիտութեան դպրոցը: 2001էն զբաղած է փաստաբանական գործունէութեամբ: 2014-2015 զբաղեցուցած է Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը։ Ան վերջերս հրաժարեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդէն: Զարեհ Սինանեան ամուսնացած է, ունի չորս երեխաներ: