ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Խոր Վիրապի մէջ գտնուող Գրիգոր Լուսաւորիչի կանթեղէն հանդիսաւոր կերպով վառեցաւ Համահայկական խաղերու ջահը՝ ձեռամբ ողիմպիական ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանի, որ նշեց, թէ մարմնակրթութիւնը միջոց է համախմբելու հայութիւնը:
Ջահին հետ փոխանցուեցաւ հայոց հզօր թագաւորներուն պատգամը. «Շէնացնենք երկիրը՝ ի հեճուկս թշնամիներուն: Յաղթահարենք իւրաքանչիւր փորձութիւն, որ այլեւս չկրկնուի անցեալը»:
Խոր Վիրապը մարդաշատ էր: Հանդիսաւոր արարողութեամբ հիացող մարդոց կարգին էին սփիւռքահայեր եւ օտար զբօսաշրջիկներ։ Ժողովուրդին այս արձագանգը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Համահայկական խաղերուն առաքելութիւնը նաեւ կը ծառայէ միասնութեան, սիրոյ եւ ուժի սերմանման։
Այս անգամ նախատեսուած է Համահայկական խաղերու խորհրդանշական երեք ջահ վառել. մէկը արդէն քանի մը օր առաջ վառեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ Մուսա Լերան ստորոտին, երկրորդը՝ Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը քանի մը օրէն պիտի վառի Արցախի մէջ՝ Տիգրանակերտէն: Այնուհետեւ, 6 Օգոստոսին՝ Համահայկական 7րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման օրը, անոնք պիտի միանան Ստեփանակերտի մէջ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ-Սփիւռք ամբողջութիւնը: Խաղերը տեղի պիտի ունենան 5էն 17 Օգոստոս։