ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ինտիփենտընթ».- Թեհրանի իշխանութիւններուն կողքին, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մեծ մասը 17 Յունիսին, վերապահութիւն յայտնեց ամերիկեան այն պնդումներուն նկատմամբ, թէ Իրան պատասխանտու է անցեալ շաբաթ Օմանի ծոցին մէջ քարիւղատար նաւերու վրայ տեղի ունեցած յարձակումներուն։
Բացի Մեծն Բրիտանիայէն, ոչ մէկ երկրի պետութիւն ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց ամերիկեան պնդումներուն, մինչ Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ճին Ասլպորն ազդարարեց, թէ Ամերիկա պէտք չէ կրկնէ 16 տարի առաջուան իր սխալը՝ աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապ մը կարելի չէ լուծել զէնքերու օգտագործումով, ակնարկելով ամերիկեան սուտ պնդումերով Իրաքի դէմ սկսած զինուրական գործողութեան։
Իր կարգին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս յայտնեց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու տրամադրած միակ փաստը՝ պղտոր տեսանիւթ մը, բաւարար չէ հասնելու այն եզրակացութեան, որուն հասած են Ուաշինկթըն եւ Ռիատ։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով առաջարկեց պարզապէս «ուշադրութիւն չդարձնել» ամերիկեան «անհիմն մեղադրանքներ»ուն՝ աւելցնելով. «Սորված ենք զուսպ ըլլալ մեր գնահատականներուն մէջ: Կոչ կ՛ընենք լաւապէս գնահատելու իրավիճակը եւ սպասելու համոզիչ տուեալներու»։
Նաեւ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի յայտնեց, որ ամերիկեան ամբաստանութիւնները մաս կը կազմեն Իրանին վնաս հասցնելու նպատակով հաստատուած տնտեսական պոյքոթով սկսած արշաւին եւ յիշեցուց. «Պատմութեան մէջ այդ ծիրին մէջ նախադէպեր կան. արդարեւ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Ճափոնի մօտ Ամերիկա ինքն իր նաւերը կ՛ենթարկէր յարձակումի՝ իր ծրագրած հիւլէական յարձակումին պատշաճ արդարացում ապահովելու համար»:
Լարիճանի աւելցուց. «Հարցին հեգնական բաժինը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնն է, երբ Իրանը յորդորեց դիւանագիտութեան դիմաց դիւանագիտութեան դիմելու: Փոմփէօ այդ յայտարարութիւնը կը կատարէ, երբ իրանցի ժողովուրդին դէմ, իր իսկ բնուդագրումով, ամէնէն ծանր պատժամիջոցները հաստատուած են. արդեօք այդ քայլը դիւանագիտակա՞ն քայլ է։ Սէուտցիները Եմէնի անիրաւուած ժողովուրդին դէմ զինելն ու սիոնական էութիւնը պաղեստինցի քաջարի ժողովուրդին դէմ զինելը քաղաքակա՞ն քայլ է»: