ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Ուրբաթ, 21 Յունիսին, միաձայնութեամբ որոշեց նախկին քաղաքապետ Ֆրենք Քուինթերօն նշանակել խորհուրդի անդամ, լեցնելու համար Զարեհ Սինանեանի հրաժարումով 7 Յունիսին թափուր մնացած աթոռը։
Քուինթերօ, որ առաջին անգամ 2001ին ընտրուած էր Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, մէկն է այն 45 քաղաքացիներէն, որոնք իրենց թեկնածութիւնը դրած էին այս պաշտօնին։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած էր՝ ժողովրդային ընտրութեամբ լեցնելու թափուր աթոռը, սակայն քաղաքապետական խորհուրդը խնայողութեան նկատառումներով նշանակման ընտրանքին դիմեց։
Քաղաքապետ Արա Նաճարեան վստահեցուց, որ Քուինթերոյի երկարամեայ արհեստավարժ փորձառութիւնը յատկանշական նպաստ պիտի բերէ քաղաքին։
Կլենտէյլի յաջորդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 2020ին։