ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց 2020ի նախագահական եւ քոնկրեսական ընտրութեանց թեկնածուներուն ուղղուած հարցարանները, նկատի ունենալով, որ ընտրական քարոզարշաւները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են։
Հարցարաններուն նպատակն է յստակացնել ընտրութեանց մասնակցող թեկնածուներուն տեսլականը եւ յատկապէս հայութիւնը յուզող հարցերու վերաբերեալ անոնց քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին առաքելութեան մաս կը կազմէ օգնել ամերիկահայ քուէարկողներուն, որ անոնք բաւարար տեղեկութիւններ ստանան, որպէսզի աւելի գիտակցուած ընտրութիւն կատարեն ընտրութիւններուն ընթացքին:
«Իբրեւ հասարակութեան սպասարութիւն՝ մենք շրջանառութեան մէջ դրած ենք թէ՛ քոնկրեսական եւ թէ նախագահական ընտրութեանց թեկնածուներու հարցարաններ։ 2020ի ընտրաշրջանը շատ մրցակցային է եւ մենք կը ձգտինք ընդլայնել ամերիկահայերու կարելիութիւնները, զանոնք դարձնելով աւելի լաւ տեղեկացուած՝ ընտրողներ, յատկապէս մեր համայնքին համար առանձնայատուկ մտահոգութիւն ներկայացնող հարցերուն գծով», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Հարցարաններով յստակացում կը պահանջուի գլխաւորաբար հետեւեալ հարցերուն մասին.
– Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչում.
– Ամերիկեան օգնութիւնը Հայաստանին եւ Արցախին.
– Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական յարաբերութիւնները.
– Ամերիկեան քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ:
Հարցարաններուն պատասխանները պիտի տարածուին ամերիկահայերու շրջանակներու մէջ, նախքան քուէարկութեան օրը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր գնահատականը պիտի տայ իւրաքանչիւր թեկնածուի, նկատի ունենալով անոնց պատասխանները, ինչպէս նաեւ թեկնածուներուն անցեալի գործունէութիւնը:
Նախագահի թեկնածուներուն հարցարանը կարելի է տեսնել http://anca.org/PresidentialQuestionnaire կայքէջին, իսկ քոնկրեսականներուն յղուածը՝
http://anca.org/CongressionalQuestionnaire կայքէջին վրայ։