ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 4էն 7 Յուլիս, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ տեղի պիտի ունենայ Հայ եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) «Դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի սրբազան Արցախ» ուխտագնացութիւնը: Համահայկական հաւաքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի թեմերէն ժամանած շուրջ 250 եկեղեցասէր երիտասարդներ: Ուխտագնացութիւնը աւանդաբար ընթացք կ՛առնէ Ս. Էջմիածնէն:
Երիտասարդական հաւաքին մասնակցողները պիտի այցելեն Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրեր, հանդիպում պիտի ունենան Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Այս տարի հաւաքին գործնական մասը պիտի ունենայ նոր ձեւաչափ: Երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչները ոլորտի յառաջատար փորձագէտներուն հետ պիտի քննարկեն իրենց գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները՝ բաժնուելով 7 խումբերու՝ հոգեւոր-ազգային նախաձեռնութիւններ, գործարար-ֆորումային, մարմնակրթական-ողիմպիական, մշակութային, ընկերային, տեղեկատուական եւ կրթական-դաստիարակչական:
«Դէպի հայրենիք, դէպի Ս. Էջմիածին» նշանաբանով տեղի ունեցած էր անցեալ տարուան երիտասարդական հաւաքը, որուն մասնակցած էին առաւել քան 400 երիտասարդներ, որոնք հանդիպումներ ունեցած էին կաթողիկոսին, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: