ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
«Եթէ տիրել ենք, ձիրքերով միայն»
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ
Ուրբաթ, 14 Յունիսի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի (UCI) Ճարտարապետական բաժանմունքի աւարտական շատ ճոխ եւ փառաշուք հանդիսութիւնը:
Այդ օր, շուրջ հազար ուսանող-ուսանողուհիներ շրջանաւարտ եղան համալսարանի ճարտարագիտական բաժինէն: Հանդիսութեան ներկայ էին առաւել քան 5500 հանդիսականներ: Շրջանաւարտներու այս մեծ խումբին, այսինքն հազար շրջանաւարտներուն մէջ հազիւ 10-15 հայեր կային: Այդ փոքրաթիւ հայերու խումբէն տաղանդաւոր Անի Սարգիսեան ամբողջ ուսանողութեան պատգամախօսը ընտրուած էր:
Երբ հանդիսավարը Սարգիսեանի կարճ, բայց տպաւորիչ կենսագրութիւնը տուաւ, ներկաները երկարատեւ եւ ջերմ ծափերով դիմաւորեցին զինք: Անի Սարգիսեան հմայեց հանդիսականները, իր կուռ եւ խորիմաստ ելոյթով եւ խօսքերով, արժանանալով հանդիսականներուն եւ շրջանաւարտներուն որոտընդոստ ծափահարութեան:
Անի Սարգիսեան ծնած է Կլենտէյլ: Ան յաճախած է Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» մանկամսուր-մանկապարտէզը, ապա Շամլեան Ազգային վարժարանը, որմէ ետք Լա Քանիատայի երկրորդական վարժարանը: Անին մաս կազմած է համալսարանին մէջ Հայ ուսանողական միութեան եւ համալսարանի ճարտարագիտական այլազան մարմիններու ու մասնակցած հետազօտութիւններու, արժանանալով բազմաթիւ բարձր գնահատականներու եւ մրցանակներու:
Այս հանդիսութիւնը իսկապէս մեծ ուրախութիւն պատճառեց մեզի եւ հպարտութեամբ լեցուն եղանք, տեսնելով որ այսպիսի ձիրքերով օժտուած եւ նման պատուաբեր յաջողութիւններ արձանագրած հայ երիտասարդութիւն մը ունինք, որ նաեւ Միացեալ Նահանգներու պատիւն ու պարծանքն են:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ճարտարագէտ Անի Սարգիսեանը այս նուաճումին համար, մաղթելով իրեն նորանոր վկայականներ եւ բարձունքներ իր կեանքին մէջ, իսկ մեր նորահաս սերունդին կ՛ըսենք՝ օրինակ առէք այս պատուաբեր երիտասարդուհիէն: