ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անթիլիասի մէջ, 2 Յուլիսին, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ Հայ Մամուլին նուիրուած Համահայկական համագումարը: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քայլերգները, որմէ ետք Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամը փոխանցեց համագումարին մասնակցողներուն (պատգամը կու տանք մեր «Օրը Օրին» սիւնակով):
Արամ Ա, վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններէ Անթիլիաս ժամանած հիւրերուն, որոնք միասնաբար պիտի քննեն եւ արժեւորեն մամուլին առանցքային տեղը հայ կեանքին մէջ ՝ համագործակցութեան նոր ուղիներ ճշդելով: «Հայ մամուլի ծառայութեան լծուած մշակներու համախումբ ու միատեղ ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է մամուլին ներկայացուցած համահայկական կարեւորութեան եւ անոր վիճակուած ճշդորոշիչ դերին», ընդգծեց վեհափառը:
Վեհափառ հայրապետին պատգամին յաջորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը, զոր կարդաց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան։ Անոր յաջորդեց համագումարի պատուոյ հիւր Աննա Յակոբեանի ելոյթը:
Յիշեցնենք, որ Հայ Մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը պիտի տեւէ մինչեւ Հինգշաբթի, 4 Յուլիս: