ՊԸՐՔԼԻ.- Բարեսիրական «Փարոս» հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ եւ Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Ներքին Կարմիր Աղբիւր գիւղին վարժարանին երկ-յարկանի նոր շէնք մը կառուցելու ծրագիրին իրականացման համար, տէր եւ տիկին Ժան-Մարի եւ Լոռի Ադամեանները 100,000 տոլար նուիրեցին, ինչ որ Ադամեաններուն կողմէ հիմնարկին կատարուած վեցերորդ առատաձեռն նուէրն է։
Արցախի ազատագրութեան պատերազմին ընթացքին խստօրէն ռմբակոծուած եւ ներկայիս 1380 բնակչութիւն ունեցող Ներքին Կարմիր Աղբիւր գիւղի վարժարանին նոր շէնքին կառուցումը մաս կը կազմէ «Փարոս» հիմնարկին «Բարգաւաճում սահմանին վրայ» նախաձեռնութեան, որուն շնորհիւ, ըստ հիմնարկի գործադիր վարիչ Փիթըր Ապաճեանի, ցարդ կարելի եղած է մէկ միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարել սահմանային շրջաններուն մէջ։
Նշենք, որ Ադամեանները 2013էն ի վեր քանի մը առիթներով նպաստած են նշեալ գիւղին բարգաւաճման, վերակառուցելով գիւղին բժշկական կեդրոնը, մանկապարտէզը եւ երկրորդական վարժարանը։
«Փարոս» հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.parosfoundation.org կայքը: