ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ դատ բացուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Իսլամը» հատորին հեղինակին դէմ։
Արդարեւ, թուրք քաղաքացի մը Իզմիրի մէջ դատական հայց ներկայացուցած է հատորին հեղինակ Տենիզ Տղայսպուշի եւ հատորին խմբագիր Էմրէ Աքարի դէմ՝ դատապարտելով գիրքին մէջ գտնուող «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պնդումները»:
«Գիրքին մէջ մեր երկիրը եւ ազգային արժէքները նսեմացնող արտայայտութիւններ կան: Կը պահանջեմ, որ անյապաղ անհրաժեշտ իրաւական գործընթացը սկսի նշեալներուն դէմ», կ՛ըսուի հայցին մէջ: