ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ առաջին իսկ օրէն մօտէն հետեւած էր հայաստանցի Արփինէ Թումանեանի վրայ յարձակումին, նոր գրառում մը կատարեց այդ մասին՝ նշելով, որ հայաստանցի կնոջ վրայ յարձակողները ցարդ չեն ձերբակալուած։ Փայլան դիտել կու տայ, որ դէպքէն քառասուն օր անցած է, բայց յանցագործները չեն ձերբակալուած տակաւին, մինչ այդ Արփինէ Թովմասեան, ամուսինը եւ երկու զաւակները վերադարձած են Հայաստան, փորձելով մոռնալ այդ սարսափելի փորձառութիւնը։
«Այլատեացութեան ենթահողի վրայ ծանր յանցագործութիւն մը պատահեցաւ։ Հակառակ անոր, որ մեր կողմէ պատկան մարմիններուն կոչեր ուղղուած էին, յանցագործները տակաւին չեն յայտնաբերուած եւ չեն ձերբակալուած։ Հասարակութիւնը անհրաժեշտ զգայնութիւնը ցոյց չտուաւ։ Ես ամօթ կ՛ապրիմ, որ չկրցայ «մի՛ երթաք» ըսել Թումանեաններուն։ Ատելութիւնը դարձեալ յաղթական ելաւ», կը յայտնէ Փայլան։