ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիր ստորագրած է անուանի ֆութպոլիստ, ականաւոր մարզիչ Նիկիտա Սիմոնեանը «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրելու մասին:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը‘ համաձայն Սահմանադրութեան 136րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւների եւ պատուաւոր կոչումների մասին» օրէնքի 5.3րդ յօդուածի 1ին մասի, հայկական ֆուտբոլին մատուցած անուրանալի ծառայութիւնների եւ ունեցած ակնառու նուաճումների համար Նիկիտա Պաւելի Սիմոնեանին պարգեւատրել «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւնների համար» առաջին աստիճանի շքանշանով», նշուած է հրամանագիրին մէջ: