ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Գումգաբուի մէջ, Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին կը նախատեսուի գումարումը համայնքային կարեւոր ժողովի մը, որուն պիտի նախագահէ պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան: Խորհրդակցական այս ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Կրօնական ժողովի անդամները եւ համայնքային մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները: Այս ժողովին հիման վրայ պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնող մարմինը, որ պիտի ստանձնէ Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը եւ պարտականութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.