Թուրքիոյ Հայոց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան ճանապարհին, երէկ (Չորեքշաբթի, 17 Յուլիս) առնուեցաւ կարեւոր քայլ մը եւս: Այսպէս, կազմուեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը, որ իր անդրանիկ նիստը գումարելէ ու դիւանը կազմելէ ետք, շփումներ պիտի մշակէ պատկան իշխանութիւններուն հետ: Սա հիմնական գրաւականներէն մին է, որպէսզի գործնական գետնի վրայ ա՛լ աւելի թափ ստանան պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքները:
Երէկ յետմիջօրէին, պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան նախագահեց Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան ու միւս ժողովական հայրերը, նաեւ թրքահայ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ ներկայացուցիչները: Ժողովը սկսաւ աղօթքով, որմէ ետք վերյիշուեցաւ երանաշնորհ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆեան: Ապա կազմուեցաւ ժողովի դիւանը: Ատենապետի պաշտօնը վստահուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխատենապետ Հերման Պալեանին, իսկ ատենադպիրի պաշտօնը՝ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանին: Քուէախոյզի պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդէն Կարօ Պաղտատ: Խորհրդակցութեան ներկայ էր նաեւ պատրիարքական աթոռի լուսարարապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան:
Տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեան ժողովի բացման հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը: Ան ընդգծեց, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը սկիզբ առած է եւ Նախաձեռնարկ մարմինին կազմուիլը այս ամբողջին մէջ կարեւոր փուլ մը կը բնորոշէ: Նորին սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ գործընթացը յառաջ կը տարուի ըստ Հանրապետական շրջանի նախընթացներուն եւ 1863 թուականի Ազգային սահմանադրութեան ոգիին ու տարրին համապատասխան ձեւով: Ան մաղթեց, որ ամբողջ համայնքին տեսակէտէն կատարուի առողջ ընտրութիւն մը: Նորին սրբազնութիւնը էապէս կարեւոր համարեց թաղերու ընտրացանկերու արդիականացումն ու թարմացումը: «Մեր աղօթքն է, որ այս կարեւոր գործը ի կատար ածուի», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը:
Աւելի ուշ խօսք առին զանազան ժողովականներ, որոնք օրակարգի վրայ բերին իրենց հարցադրումները եւ հետաքրքրութեան առարկայ հանգամանքները: Այս ամբողջին մէջ բոլորը սկզբունքօրէն կարեւոր համարեցին, որ Նախաձեռնարկ մարմինը կազմակերպչական աշխատանքները պէտք է իրականացնէ անկողմնակալ եւ առարկայական մօտեցումով:
Ելոյթներէն ետք մեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ առաջարկուեցան թեկնածու անուններ եւ այդ ցանկին հիման վրայ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն: Այսպիսով կազմուեցաւ Նախաձեռնարկ մարմինը մեր աշխարհական վարիչներու եւ հոգեւոր հայրերու համատեղ աշխատանքով: Տեղապահ սրբազան հօր նշանակումով Կորիւն քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Յուսիկ քհնյ. Հերկելեան ներգրաւուեցան կազմին մէջ:
ԳՐԻԳՈՐ ՏԷՕՇԷՄԷՃԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ԿԱԶՄԷՆ
Նախաձեռնարկ մարմնի կազմութեան զուգահեռ՝ երէկ, պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցէն ետք, երեկոյեան ժամերուն արդէն կազմին մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն մը: Այսպէս, մեր ծանօթ ազգայիններէն, փորձառու համայնքային գործիչ Գրիգոր Տէօշէմէճեան տեղեկացուց, որ որոշած է զերծ մնալ այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելէ:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»