ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գեւիկ եւ Փիթըր Բաղդասարեաններ որոշած են ստանձնել Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Յակոբ Բաղդասարեանի։
«Յակոբ Բաղդասարեան ոչ միայն մեր համայնքին գլխաւոր սիւներէն մէկն էր, այլ նաեւ մեծապէս նպաստած էր Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի բարգաւաճման ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, իրաւաբան Լինա Դաւիթեան՝ աւելցնելով. «Նկատի ունենալով Հայ Դատի ջատագովման նպատակով Յակոբ Բաղդասարեանի տասնամեակներու ծառայութիւնները, վարչութիւնը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնել անոր ազգանուէր գործունէութիւնը եւ շնորհակալ ենք, որ Բաղդասարեան ընտանիքի անդամները, շարունակելով վառ պահել իրենց հօրմէն ժառանգած հայրենասիրութիւնը, բարերարութիւնը եւ ղեկավարի արժանիքները՝ որոշած են առատաձեռնօրէն նեցուկ կանգնիլ այս ձեռնարկին»։
Նշենք, որ Մարտ 2017ին, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը մեծարած էր տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Բաղդասարեանները, համայնքին տրամադրած իրենց ծառայութիւնները դրուատելով, իսկ 2011ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ժառանգութիւն» մրցանակը շնորհելով Յակոբ Բաղդասարեանին։
Յակոբ Բաղդասարեան արժանացած է նաեւ ՀՕՄի, Ազգային առաջնորդարանի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մեծարումներուն։ Անոր աջակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է Շամլեան Ազգային վարժարանի մարզական արդիական դաշտ մը ունենալ, իսկ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ նորոգուած կամ կառուցուած են դպրոցներ եւ համայնքային կեդրոններ։ Սփիւռքի տարածքին, ան իր օժանդակութիւններով զօրավիգ կանգած է Հայ Դատի ջատագովման։
Արցախի մէջ Յակոբ Բաղդասարեանի բարեգործութիւնները գնահատելու նպատակով, Արցախի նախագահ Արկադի Ղուկասեան 2005ին անոր շնորհած էր հանրապետութեան «Երախտագիտութիւն» շքանշանը։
Յակոբ եւ Հիլտա Բաղդասարեանները նաեւ «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը ստացած են, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
Յակոբ Բաղդասարեան ծնած է 30 Մարտ, 1948ին, Թեհրան, եւ զաւակն է Պետրոս եւ Մարուշ Մալիք Բաղդասարեաններու: Իր չորս քոյրերուն՝ Նորայի, Էմմայի, Ռիմայի եւ Ասիայի հետ, ան հասակ նետած է Թեհրանի մէջ: Ան յաճախած է տեղւոյն Քուշեշ հայկական վարժարանը, մինչեւ 15 տարեկան, երբ իր հօր անակնկալ մահուան պատճառով կը պարտադրուի ստանձնելու անոր աշխատանքին պատասխանատուութիւնը՝ պահպանելով իր հօր արդար ու անկեղծ գործարարի վարկը, նոյն ժամանակ գործի կարելիութիւններ հայթայթելով Թեհրան նոր ժամանող հայորդիներու:
1973ին, ան ամուսնացած է Հիլտա Ոսկանեանի հետ, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Փիթըր եւ Գեւիկ, իսկ 1979ի Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն ետք, ան ընտանիքով գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Լոս Անճելըս: Իր ճաշարաններէն առաջինը՝ «Մասիս Քեպապ»ը, Կլենտէյլի մէջ բանալով՝ ան յաջողութիւն կը գտնէ, նպաստելով իր ընտանիքին ու նոյն ժամանակ հայ համայնքի բնարօրութեան:
Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
20 Հոկտեմբերի ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար՝ այցելել www.facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ info@ancawr.org հասցէին: