ԵՐԵՒԱՆ.- Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանէն (ՄԻԵԴ) եւ Վենետիկի յանձնաժողովէն խորհրդատուական կարծիք ստանալէ ետք, Ռոպերթ Քոչարեանի գործով վերջնական վճիռ տալու իրաւունքը, ըստ Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) նախագահ Հրայր Թովմասեանի՝ կը պատկանի Սահմանադրական դատարանին:
Հրայր Թովմասեան, «Արմնի-ուզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ նկատի ունենալով գործին շուրջ ստեղծուած հանրային հետաքրքրութիւնը, Սահմանադրական դատարանը սխալելու իրաւունք չունի:
«Սրանով է պայմանաւորուած, որ այն ներուժը, որը կայ ՄԻԵԴում եւ Վենետիկի յանձնաժողովում, այս հարցի շուրջ պէտք է եւ օգտագործել», ըսաւ Թովմասեան:
«Ես արդէն առիթ ունեցել եմ ասելու, որ հաւատարիմ մնալով իմ երդմանը եւ «ՍԴ մասին» օրէնքին, պարտաւոր եմ ցուցաբերել քաղաքական չէզոքութիւն եւ զսպուածութիւն: Գայթակղութիւնը մեծ է՝ քաղաքական ամբիոն ստանալու եւ քաղաքական պատասխաններ տալու, բայց այս պարագայում ես ստիպուած եմ ասելու, որ չեմ կարող, որովհետեւ քաղաքական էին այդ հարցադրումները, եւ ես դրանք չեմ կարող մեկնաբանել», ըսաւ Թովմասեան՝ անդրադառնալով վարչապետ Փաշինեանի «Ազատութիւն» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Սահմանադրական դատարանին վերաբերեալ ունեցած արտայայտութիւններուն:
Ըստ Հրայր Թովմասեանի՝ վարչապետին կարգ մը արտայայտութիւնները վիրաւորական էին.
«Որոշ արտայայտութիւններ մօտ էին դատական իշխանութեան ներկայացուցիչների արժանապատուութեանը վիրաւորելուն, եւ որոշ արտայայտութիւններ կարող են դառնալ դասագրքային այն առումով, թէ ինչպիսի՛ն չպէտք է լինի գործադիր իշխանութեան ղեկավարի եւ դատական իշխանութեան փոխյարաբերութիւնները, թէ ինչպէ՛ս չի կարելի արտայայտուել դատական իշխանութեան նկատմամբ», ըսաւ Թովմասեան: