ԹԻՖԼԻՍ.- Զեղծարարութեան դէմ պայքարող վրացական «Ուժը միասնութեան մէջ է» շարժումի ղեկավար Դաւիթ Քացարաւա «Ֆէյսպուք»ի վրայ կ՛անդրադառնայ այս շաբաթուան սկիզբը Դաւիթ Գարեջի վանական համալիրի տարածքին մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: Համալիրը կը գտնուի Ատրպէյճան-Վրաստան սահմանին վրայ վիճելի տարածքի մը մէջ։ Այս լուրը հաղորդող վրացական «Ալիք» կայքը կը նշէ, թէ Քացարաւայի համաձայն, ատրպէյճանական կողմը նշեալ համալիրի լերան ստորոտին կառուցած է զինուորական ճամբար մը, որ լեցուած է զինուորներով: Ըստ անոր՝ վիճելի տարածքին մօտերը վրացի սահմանապահները 10 անգամ քիչ են ատրպէյճանցի սահմանապահներէն: Ան կը յայտնէ, թէ սահմանագծումի յանձնախումբին գործունէութիւնը տակաւին չէ աւարտած, սակայն ատրպէյճանական կողմը պաշտօնատար անձերու միջոցով յայտարարութիւններ կը տարածէ, թէ Գարեջին ատրպէյճանական տարածք է: Քացարաւա հրապարակած է քանի մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւին զինուորական ճամբարներ եւ զինուորներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.