ՊՈԼԻՍ, «Անատոլու».- Նախկին դրամատնային բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատար Մեհմետ Հաքան Աթիլլա անցեալ շաբաթ ամերիկեան դաշնակցային բանտէն ազատ արձակուեցաւ եւ արդէն հասած է Պոլիս: 48ամեայ Աթիլլա, որ թրքական պետական «Հալքպանք» դրամատան նախկին ընդհանուր փոխտնօրէնն էր, 2016ին ձերբակալուեցաւ եւ Մայիս 2018ին Նիւ Եորքի մէջ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու օրէնքները խախտելուն համար: Սակայն, անցեալ շաբաթ դատաւորը արտօնեց, որ ան մէկ տարի առաջ ազատ արձակուի, բանտին մէջ ցուցաբերած իր լաւ վարքին համար: