ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին դեմոկրատ թեկնածուներէն Պըրնի Սենտըրզ յայտնեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային պատրաստ է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ծերակուտական Սենտըրզ յայտարարութիւնը կատարեց Լոս Անճելըսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, խոստանալով Ապրիլ 24ին նախագահի աւանդական ուղերձին մէջ օգտագործել «Ցեղասպանութիւն» բառը՝ ի տարբերութիւն նախորդ նախագահներուն, որոնք չյարգեցին իրենց ընտրական խոստումները:
«Դուք դէմ պիտի կանգնի՞ք Թուրքիոյ կառավարութեան եւ պաշտօնապէս պիտի օգտագործէ՞ք «Ցեղասպանութիւն» բառը», «ՄասիսՓոսթ»ի լրագրողին հարցումին պատասխանելով՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամը ըսաւ. «Այո՛, ես կը կարծեմ, որ այս բանավէճը աւարտած է»:
Նշենք, որ Յունիսին Սենտըրզ որոշած էր զօրակցիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ներկայացուած Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նորագոյն բանաձեւին (թիւ 150)։ Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ (1991-2007) եւ ծերակուտաական (2008էն սկսեալ), Սենտըրզ զօրակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերուն, Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնները սահմանափակելու քայլերուն, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական եւ քրիստոնէական եկեղեցական կալուածներուն վերադարձը պահանջելու ջանքերուն: