ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, 26 Յուլիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց անդրանիկ այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, որուն կ՛ընկերանային Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի։ Հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Առաջնորդ սրբազանը, յանուն Արեւմտեան թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ Ազգային իշխանութեան՝ բարի գալուստ մաղթեց դեսպանին եւ անոր ընկերակցող հիւրերուն։ Ողջունելէ ետք հիւրերը, առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց դեսպանին տարած ազգօգուտ առաքելութիւնը, անոր բեղուն գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։ Իսկ Ազգային վարչութեան ատենապետը իր սրտի խօսքին մէջ դրուատեց դեսպանը ու Ազգային վարչութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց աւելի եւս խորացնելու առաջնորդարանին եւ դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան նոր ծաւալ տալու եւ յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Այցելութեան աւարտին, ներկաները ուղղուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռ, ուր աղօթքի պահ մը անցուցին։