ԵՐԵՒԱՆ.- «Մենիու Կրուփ» (Menu Group) հայկական արմատներով միջազգային ընկերութիւնը, որուն կը պատկանին Menu.am, Menu.ge եւ Menu.by առաքման ծառայութիւնները՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Պելոռուսի մէջ համապատասխանաբար, յայտարարեց, որ գնած է Ուքրանական առաջատար Eda.ua ընկերութիւնը:
2017ին, ընկերութիւնը 3 միլիոն տոլար գոյացուցած է ռուսական առաջատար առաքման ծառայութեան հիմնադիրէն եւ քանի մը այլ ֆոնտերէ, որոնք ուղղուած են ընկերութեան զարգացման եւ նոր արտադրութեան (կայք եւ բջիջային յաւելուածներ) մշակման վրայ:
Յառաջիկայ 2 տարիներուն ընթացքին, ընկերութիւնը կը պատրաստուի առաւել քան 10 միլիոն տոլար ներդրելու Ղազախիստանի, Մոլտովիոյ, Իւզպեքիստանի եւ Ղրղզիստանի մէջ առաքման ծառայութիւն հիմնելու համար:
Այսօր «Մենիու Կրուփ»ը, որ միջազգային շուկային մէջ հայկական ամէնէն յայտնի եւ ամէնէն յաջող «սթարթափ» ընկերութիւններէն է եւ կը միաւորէ առաւել քան 2000 ճաշարաններ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Պելոռուսի մէջ: Հայաստանի մէջ, ոլորտի առաջատար Menu.am-ը 6.5 տարիէ ի վեր առաքումներ կ՛իրականացնէ աւելի քան 400 ճաշարաններէ եւ մասնագիտացուած խանութներէն: Տարեվերջին, «Մենիու Կրուփ»ը կը ծրագրէ իր համախառն առեւտուրի ծաւալը հասցնել 35 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ հասնիլ եկամուտի ծրագրաւորուած ցուցանիշի՝ 10 միլիոն տոլարի չափով: