ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ոչ եւս է հանրածանօթ երաժիշտ, երգահան, դաստիարակ, երաժտագէտ, հայ երգի մեկնաբան եւ պատմագէտ, Համազգայինի երգչախումբի ղեկավար Գրիգոր Փիտէճեան:
Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, Փիտէճեան մահացաւ 31 Յուլիսին:
Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի ընտանիքը եւ յատկապէս Նիւ Եորքի մասնաճիւղը խոր ցաւակցութիւններ կը յայտնէ անոր կողակիցին՝ Պերճուհիին, զաւակներուն՝ Տաթեւին, Անդովքին եւ համայն ազգականներուն։