ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 5էն 18 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական ամառնային երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Գանատայի թեմերէն երիտասարդներու:
Արեւմտեան թեմէն պիտի մասնակցին վեց երիտասարդներ՝ Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տէմիրճեան, Վանա Տէմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան:
Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, Ս. գրային, ծէսի, միջեկեղեցական յարաբերութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ Հայ Դատին վերաբերող նիւթեր, ինչպէս նաեւ այսօր՝ Հայ եկեղեցւոյ դերին վերաբերող նիւթեր:
Երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ժամերգութեանց, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով Ս. պատարագին: