ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մալիպուի մէջ, 21 Յուլիսին տեղի ունեցած ընդունելութեան մը ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Հայ-Ամերիկեան թանգարանին կողմէ եւ որուն հիւրընկալութիւնը ստանձնած էին թանգարանին Հիմնադիրներու շրջանակի անդամներ՝ Արա եւ Նինա Օհանեանները, կարելի եղաւ 250,000 տոլար հանգանակել, նոյն ժամանակ 20 նորագիրներ անդամագրելով Հիմնադիրներու շրջանակին։
Հիւրընկալ Օհանեան ընտանիքին անունով հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Նինա Օհանեան, խանդավառութեամբ արտայայտուելով մշակութային եւ կրթական նման կեդրոն մը կառուցելու ծրագիրին մասին։
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վարչութեան համաատենապետ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Օհանեաններուն եւ միւս հիւրերուն ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան շեշտեց, որ թանգարանին նպատակն է Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերուն յիշատակը վառ պահել եւ հանդիսանալ հայ ժողովուրդին յարութեան խորհրդանիշներէն մէկը։
Այնուհետեւ, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի ձեւաւորման եւ շինարարական ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց ճարտարապետական «Ալաճաճեան Մարքոսի» հիմնարկէն Արամ Ալաճաճեան՝ նշելով, որ հիմնարկէքի արարողութիւնը պիտի կատարուի 2020ին։
Իր կարգին, թանգարանի գործադիր տնօրէն Պերճ Կարապետեան ներկայացուց Հիմնադիրներու շրջանակի անդամները, ներառեալ՝ նորագոյնները, վստահեցնելով, որ թանգարանը արժէքաւոր ժառանգութիւն մը պիտի հանդիսանայ ապագայ սերունդներուն համար։

Տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Արա Օհանեան, ապագայի հայ սերունդներուն դասատիարակութեան համար յոյժ կարեւոր համարելով թանգարանին կառուցումը, որ արդիական արհեստագիտութեան օգտագործումով պիտի նպաստէ հայկական ինքնութեան պահպանման ջանքերուն։
Հիմնադիրներու շրջանակին մաս կը կազմեն թանգարանի ծրագիրի նախաձեռնման առաջին օրերէն սկսեալ առնուազն 10,000 տոլարի օժանդակութեան խոստումներ կատարած նուիրատուները, որոնց անունները պիտի տեղադրուին թանգարանի մուտքի սրահը: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.ArmenianAmericanMuseum.org/FoundersCircle կայքէջը կամ դիմել (818) 351-3554 թիւին։
Նշենք, որ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք եւ ամերիկահայութեան պատմութիւնը ներկայացնելու միջոցաւ Ամերիկայի ցեղային եւ մշակութային այլազանութեան առաւելութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով ծրագրուած՝ Քալիֆորնիոյ Հայ-Ամերիկեան թանգարան եւ մշակութային կեդրոնի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: