ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ալան Անդրանիկի Գոգբաշեան նշանակուած է Հայաստանի մօտ Բրիտանիոյ նոր դեսպան: Այս մասին տեղեկութիւն հրապարակուած է Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքին վրայ։
Ալան Գոգբաշեան Սեպտեմբերին պիտի փոխարինէ դեսպան Ճուտիթ Մարկարիթ Ֆարնվորթը, որ դիւանագիտական նոր ծառայութեան պիտի լծուի:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ հայ դիւանագէտը Հայաստանի մէջ դեսպան կ՛ըլլայ։
Գոգբաշեան Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան մէջ 2008-2010ին վարած է Արտածման եւ արտօնագրութեան խումբի ղեկավարի պաշտօնը, 2011-2014ին եղած է Մարոքի մէջ Բրիտանոյ փոխդեսպան, 2014-2017 վարած է Քարիպեան տարածաշրջանի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի բաժինի ղեկավարի պաշտօնը, 2017-2018ին եղած է նախարարութեան Մարդկային պաշարներու բաժինի ղեկավար: