ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ այս պահուն (12 Օգոստոսին) Ատրպէյճանի տարածքին մէջ կայ հայ քաղաքացի մը. անոր ինքնութիւնը եւ այլ մանրամասնութիւններ գիտնալու համար համապատասխան մարմինները աշխատանք կը տանին:
Նշենք, որ աւելի կանուխ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակեց այն մասին, որ Հայաստանի զինուոր Արօ Հայկի Ղազարեան առաւօտեան Ֆիզուլիի ուղղութեամբ փախուստ տուած է հայկական կողմէն եւ յանձնուած ատրպէյճանցիներուն։
Ատրպէյճանական կողմը կը պնդէ, որ իբր թէ Ղազարեան հարցաքննութեան ընթացքին ըսած է, որ ինք փախուստի դիմած է, քանի որ հայկական զօրամասին մէջ իրեն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունք դրսեւորած են, հրամանատարները եւ ծառայակիցները ֆիզիքական ճնշումներու ենթարկած են։