13 Օգոստոսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Ուրուկուէյի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ռոտոլֆօ Նին Նովօա:
14 Օգոստոսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը, որուն պիտի յաջորդեն վարչապետ Փաշինեանի եւ քաղաքապետ Մարութեանի հետ հանդիպումները:
Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: