Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ մեկնարկեց Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7րդ փառատօնը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս տարի փառատօնին կը մասնակցին արուեստագէտներ 7 երկիրներէ՝ Ռուսիայէն, Իրանէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Ճափոնէն, Լեհաստանէն եւ Հայաստանէն:
Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի տնօրէն Ժիրայր Դադասեան յայտնեց, թէ տարուէ տարի կ՛աւելնայ հետաքրքրութիւնը փառատօնին նկատմամբ:
«Այս տարի մեր փառատօնին յայտեր ներկայացուցին զանազան երկիրներէ առաւել քան 20 թատերախումբեր: Մենք ընտրեցինք 6 թատերախումբ 6 երկիրներէ: Այստեղ հաւաքուած հանդիսատեսը պայման չէ, որ թատերասէր ըլլայ, սակայն ան կարելիութիւնը ունի դառնալու թատերասէր՝ դիտելով փառատօնին ներկայացումները», ըսաւ Դադասեան:
13 Օգոստոսի ցերեկային ծրագիրը տեղի կ՛ունենայ Դիլիջանի մէջ, երեկոյեան ծրագիրը՝ Ծաղկաձորի, իսկ փակման պաշտօնական արարողութիւնը՝ 14 Օգոստոսին՝ Ծաղկաձորի մէջ:
Հայաստանէն փառատօնին կը մասնակցին Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը, ԵԹԿՊԻի դերասանական բաժինի մնջախաղի լսարանը, «Ֆորմա» թատերախումբը եւ դերասանուհի Աննա Վարդանեան: