ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Զինուած ուժերը ռազմավարական նշանակութեան դիրքեր առած են իրենց վերահսկողութեան տակ, յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով շրջանարուող լուրերուն՝ ըստ որոնց՝ հայկական զինուժը Տաւուշի հիւսիսային հատուածին մէջ ունեցած է նոր սահմանագիծ՝ վերահսկողութեան տակ առնելով Վրաստանէն Հայաստան մտնող կազատարը եւ Հայաստան-Վրաստան մայրուղին:
«Ատրպէյճանը դիւրութեամբ պիտի չընկալէ, որ 25 տարի կազատարին նկատմամբ վերահսկողութիւն ունէր եւ հիմա կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը: Ատիկա առանցքային եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար», ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ան նշեց, որ նման տեղեկութիւններ սովորաբար նախարարութիւնը գաղտնի կը պահէ՝ զինուորներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար, աւելցնելով. «Զինուած ուժերը միշտ կ՛աշխատին բարելաւել դիրքային իրավիճակը»։
Նշենք, որ պատմաբան, զինուորական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին գրած էր, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած են Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ կրցած են աւելի քան 140 հեկտար տարածք ազատագրել, որուն շնորհիւ հայկական ուժերու զբաղեցուցած բարձր դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, թիրախային գօտիին մէջ են նաեւ ատրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքային տարածութիւններն ու արօտավայրերը: