ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Պի.Պի.Սի.».- «Տը Ռաք» անունով ծանօթ դերասան Տուէյն Ճանսըն վերջերս ամուսնացաւ երկար տարիներու իր ընկերուհիին՝ Լորըն Հաշեանի հետ, Հաուայիի մէջ տեղի ունեցած արարողութեամբ մը։
Ամոլը արդէն իսկ երկու զաւակ ունի։
«Ռետիթ»ի հայազգի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան «հայ ցեղախումբին» միանալուն առիթով բարի գալուստ մաղթեց Ճանսընին, զայն «պատուակալ հայ» մկրտելով։
Նշենք, որ Լորըն դուստրն է 1980ականներուն հռչակ շահած «Պասթըն» նուագախումբի հանգուցեալ թմբկահար Ճան Թամըս «Սիպ» Հաշեանի, եւ իր կարգին երգչուհի է եւ քանի մը երգեր հրապարած է համացանցի միջոցաւ։