ԱՄԵՐԻԿԱ ՄՏԱՀՈԳ Է
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վանի, Տիգրանակերտի ու Մարտինի քիւրտ քաղաքապետներու պաշտօնազրկումը եւ անոնց տեղ պետական կառավարիչներու նշանակումը լայն արձագանգ գտած են միջազգային հարթակներու վրայ, եւ դատապարտութեան ձայներ կը լսուին թէ՛ Թուրքիոյ ընդդիմադիր շրջանակներէն եւ թէ արտասահմանէն։ Դատապարտութեան ալիքին միացաւ նաեւ «Միջազգային Ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, որ ձայն բարձրացուց եւ Անգարայէն պահանջեց անմիջապէս փոխել այս որոշումը։ Կազմակերպութիւնը, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, յայտարարեց, որ որոշումը ոտնահարած է ժողովուրդին կամքը եւ անտեսած է ժողովրդավարութեան սկզբունքները։
«Ընտրուած քաղաքապետներ պաշտօնանկ ընելը եւ անոնց փոխարէն չընտրուած պաշտօնատարներ նշանակելը մտահոգիչ է: Մենք միշտ կը խրախուսենք Թուրքիոյ, որ հանդուրժողական դիրքորոշում որդեգրէ քիւրտ փոքրամասնութեան նկատմամբ եւ յոյս ունինք, որ Թուրքիա հարցը պիտի լուծէ ժողովրդավարութեան ծիրին մէջ», իր կարգին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մորկըն Օրթակուս: